2015-10-15 14:01:00

Գերապայծառ Պրունօ Ֆորթէ` Եկեղեցին կենսունակ ու ազատ է` հեռու դաւադրութիւններէն։


(Ռատիօ Վատիկան) Սիւնհոդոսի յատուկ քարտուղար` գերապայծառ Պրունօ Ֆորթէ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց թէ Սիւնհոդոսի աշխատանքային մթնոլորտը յատկանշուած է բոլորին գործօն մասնակցութեամբ եւ ոչ թէ կուսակցական հակամարտութիւններով։ Ան ապա նշեց թէ Սիւնհոդոսը չի փոխեր եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը այլ հովուական խնամակալութեան հայող ուղիներ կ՛առաջարկէ։

Գերապայծառ Ֆորթէ մատնանշեց ապա թէ Եկեղեցին միեինոյն ժամանակ Ուսուցիչ ու Մայր է եւ ասոր համար Սիւնհոդոսը վայր է` ընտանիքներու ապրումներուն ունկնդրութեան։ Վայր է ողորմութեան որ է Աւետարանի սիրտը։ 

Զրոյցի ընթացքին գերապայծառ Ֆորթէ անդրադարձաւ ապա վերապսակուած զոյգերուն` ս հաղորդութեան մօտեցումի հարցին հայող ներկայացուած տարբեր առաջարկներուն, մատնանշելով թէ հովիւներուն պարտականութիւնն է ընկերանալ բոլորին, այնպէս ինչպէս կը յորդորէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը` ողորմութեամբ եւ ճշմարտութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.